Մենք ստորագրահաւաքի մասնակիցներս, կ’առարկենք Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փակումին, եւ կը փափաքինք զայն տեսնել վերաբացուած իր ներկայ տարածքին վրայ, իբրեւ ուսման երկրորդական մակարդակով կրթարան մը՝ ծառայելու Եւրոպական Միութեան եւ շրջակայ վայրերու բոլոր հայերուն։ Մենք կը գիտակցինք այն կենսական դերին որ ունեցած է Հաստատութիւնը անցնող 80 տարիներուն՝ պահպանելով ու զարգացնելով հայ լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը եւ պաշտպանելով հայ ինքնութիւնը ամենուրէք։ Իբրեւ միակ հաստատութիւնը իր տեսակին մէջ, որ հայ ուսանողները կ’ապահովէ իրենց ուրոյն ժառանգութեան վրայ խարսխուած կրթութեամբ մը եւ օրէնքով պաշտպանուած սեփական լեզուով, մենք կը խնդրենք որ միջոցներ ձեռք առնուին ապահովելու անոր պահպանումը։ Կը խնդրենք որ Հաստատութեան հիմնադիր ու բարերար Կարապետ Մելգոնեանի փափաքները յարգուին։ Կը խնդրենք նաեւ որ այս տարածքը մնայ պատմա-մշակութային Ազգային Ժառանգութեան վայր՝ ինչպէս յայտարարուած է Կիպրոսի Հանրապետութեան անձեռնմխելիութեան հրամանագրով։ Կը խնդրենք որ պաշտպանէք աշխարհասփիւռ հայերու մշակոյթն ու ինքնութիւնը՝ երաշխաւորելով որ վերաբացուի կրթութեան այս մեծ կեդրոնը եւ առիթը տրուի որ ան ծաղկի ու բարգաւաճի եւ իրմով բարգաւաճին հայորդիներու ապագայ սերունդները ամենուրէք։
Questions marked with a * are required.