Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը հիմնուեցաւ 1926ին ասպնջական Կիպրոսի մէջ իբրեւ որբանոց՝ երդիք մը հայթայթելով Ցեղասպանութենէն հարիւրաւոր վերապրողներուն։ Այս գիտակցութեամբ, պատմական շէնքերը անձեռնմխելի յայտարարուած են Կիպրոսի Հանրապետութեան կողմէ՝ իբրեւ Կղզիին ազգային ժառանգութեան մէկ մասը։ [1]

Որբերու կողմէ տնկուած ծառերը կը ներկայացնեն սփիւռքի բարգաւաճող հայկական համայնքները։ Այս պատճառով է որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը՝ Հաստատութիւնը կը նկատէ «պաշտպանեալ» պատմական վայր՝ իբրեւ խորհրդանիշ վերապրումի եւ յոյսի։

Հազարաւոր հայեր որոնք անցան Մելգոնեանէն ուշագրաւ դիրքեր գրաւեցին իրենց համայնքներէն ներս, դառնալով առաջնորդներ իրենց ասպարէզներուն մէջ եւ սատարելով հայ մշակոյթին, կրթութեան, լեզուին ու ազգային ինքնութեան զարգացումին։

Մելգոնեանէն շրջանաւարտներ իրենց դրոշմը ձգեցին ամենուրէք՝ ըլլալով առաջնորդող դէմքեր գրականութեան, արուեստներու, գիտութեան եւ առեւտրական ասպարէզներու մէջ։

Մելգոնեան Հաստատութիւնը հասցուցած է հազարաւոր ուսանողներ եւ ուսուցիչներ որոնք իբրեւ Բարեկամեցողութեան Դեսպաններ՝ Կիպրոսի ժողովուրդին արդար պայքարը կը պաշտպանեն, որպէսզի իրաւացի լուծում մը գտնէ Կղզիին Հարցը։

Wikipedia article

 

English | Հայերէն

Հայ լեզուն ու ժառանգութիւնը
վտանգի մէջ են

Սփիւռքի համայնքները անհետացումի կ'առաջնորդուին երբ դպրոցներ գոյութիւն չունենան

ՄԻԱՑԷՔ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔԻՆ՝
ՓՐԿԵԼՈՒ ԵՒ ՎԵՐԱԲԱՆԱԼՈՒ
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հայ լեզուն, մշակոյթը եւ պատմութիւնը անհետացումի անմիջական վտանգի ներքեւ կը գտնուին երբ միջոցներ ձեռք չեն առնուիր ապահովելու վերապրումը եւ զարգացումը Սփիւռքի հայ համայնքներուն՝ աշխարհի տարածքին։


Հայաստանի երիտասարդ Հանրապետութիւնը պէտք ունի զօրաւոր Սփիւռքի մը, առանց որուն ան չի կրնար գոյատեւել։


Միակ միջոցը ներկայ եւ ապագայ հայ սերունդներուն ազգային ինքնութիւնը պահելու՝ գոյութիւնն է դպրոցներու ուր հայ աղջիկներ ու տղաք գիտակցին իրենց մարդկային իրաւունքներուն ու դաստիարակուին՝ ապահովելու համար գոյերթը եւ զարգացումը իրենց համայնքներուն։


Այս տեսակ կրթարան մըն է Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութիւնը, որ անարդարօրէն փակուեցաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ։ Եւ, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ աշխարհի զանազան վայրերու ներկայ եւ ապագայ հայ սերունդները զրկուեցան իրենց սեփական լեզուով իրենց ժառանգութիւնը ճանչնալու մարդկային արդար իրաւունքէն։


Միացէք Համաշխարհային այս Ստորագրահաւաքին՝ դիմելու Կիպրոսի Հանրապետութեան Կառավարութեան՝ որ համոզէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, որպէսզի այս վերջինը հաւանի պատմական Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը վերաբանալու նոր տեսիլքով մը՝ գալիք սերունդներուն համար, իր ներկայ վայրին, Նիկոսիոյ մէջ։


 

  Մարտ 2009

promote this page                      about Midk.org